Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ռիատի Պէյրութ կատարեց իր առաջին մրցումը` ճակատելով Ալվարքի դէմ (Թոքիօ, Ճափոն):
Մրցումը աւարտեցաւ լիբանանեան կազմին պարտութեամբ` 87-76 արդիւնքով:
Ռիատիի այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ Մոնօ Վեմփայըր (Թայլանտ): Մրցումը պիտի սկսի ժամը 11:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):



