Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Սպիտակ Տան Աշխատակազմի Նախկին Մէկ Անդամին. Փաշինեան-Թրամփ Հանդիպումէն Պէտք Չէ Արտաքին Քաղաքականութեան Լուրջ Շրջադարձ Ակնկալել

September 14, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հաւանական հանդիպումէն պէտք չէ ակնկալել քաղաքական լուրջ շրջադարձ, հայ համայնքին հետ հանդիպումի ընթացքին նշած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներ Ռիչըրտ Նիքսընի, Ռանըլտ Ռիկընի եւ Ճորճ Պուշի աշխատակազմերու անդամ Արամ Բախշեան:

«Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ ան ըսած է. «Ատիկա հաւանաբար քաղաքավարական հանդիպում պիտի ըլլայ, երկու կողմերէն բարի կամքի դրսեւորման նշան եւ ոչ թէ քաղաքական նժարի լուրջ փոփոխութիւն»:

Բախշեան, որ երկար տարիներ երեք նախագահներուն համար ճառեր գրած է եւ լաւատեղեակ է Սպիտակ տան աշխատանքի կանոններուն, ընդգծած է, թէ Թրամփ-Փաշինեան հանդիպումը կրնայ կայանալ այն ժամանակ միայն, եթէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կարենան նուրբ արարողակարգ մշակել:

«Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ սուր հարց չկայ, չկան այդպիսի հարցեր նաեւ հայ-ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ: Այսպիսով, որեւէ ճգնաժամ, որ անյապաղ քննարկման կարիք ունենար, չկայ, ուստի, այդպիսի հանդիպում, եթէ տեղի ունենայ, պիտի ըլլայ բարի կամքի դրսեւորում: Սակայն չմոռնանք, որ այսօր այլ երկիրներու հետ գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ, աւելի սուր հարցեր, որոնք լուծում կը պահանջեն, այդ պատճառով ալ բարի կամքի հանդիպումը կրնայ չկայանալ, որովհետեւ, կը կրկնեմ, երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ ճգնաժամ չկայ», ըսած է ան:

«Այլ պետութիւններու ղեկավարներ, որոնք իրապէս Միացեալ Նահանգներու հետ ունին չլուծուած հարցեր եւ կ՛ուզեն հանդիպիլ նախագահ Թրամփին, կրնան առաջնակարգ նկատուիլ», ընդգծած է Բախշեան` աւելցնելով. «Այդ պարագային, հարցը կը վերաբերի այդ հանդիպումը նախապատրաստելու երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու ունակութեան, քանի որ, սուր խնդիրներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ բարի կամքի հանդիպումը այն հարցը չէ, որով պէտք է անձամբ մտահոգուին երկու պետութիւններու ղեկավարները»:

Նիւ Եորքի մէջ 24-28 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Թրամփ-Փաշինեան հանդիպում կատարելու կոչ ուղղած են քանի մը տասնեակ քոնկրեսականներ եւ Ամերիկայի հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Արամ Բախշեանի համաձայն, սակայն, միջազգային ներկայ իրավիճակին մէջ հաւանական է, որ անմիջական թէժ խնդիրները կողմերուն չարտօնեն բարի կամքի հանդիպում ունենալ:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Երկօրեայ Այցելութեամբ Մեկնած Է Փարիզ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Հիւրընկալած Է Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.