Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Աւելի Արագ Թափով Կ՛ընթանայ

August 31, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին յաւելեալ արագութեան թափ տալու շրջագիծին մէջ, երէկ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ փոխադարձ այցելութիւնները շարունակուեցան:

Երէկ երեկոյեան վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հետ կապուած հարցերը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ գործուղուած ներկայացուցիչ` տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար եւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Ալի Հասան Խալիլ:

Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, յատկապէս նկատի ունենալով երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներու համեմատութիւնը` կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ:

Ռիաշի Ժահժահի ողջոյնները փոխանցեց Պըրրիին` այսօր Պաալպեքի մէջ տեղի ունենալիք իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն առեւանգումին առիթով կատարուելիք յիշատակի ձեռնարկին առնչութեամբ:

Ռիաշի անդրադարձաւ նախանցեալ երեկոյեան Ժահժահի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ կատարուած հանդիպումին արդիւնքներուն` հաստատելով, որ Լիբանանեան ուժերը զիջում չեն կատարած, այլ դիւրութիւններ ներկայացուցած են` կազմելու երկրին զարթօնքը երաշխաւորող կառավարութիւն մը:

«Կառավարութեան կազմութեան հանգոյցը մեզի չի վերաբերիր: Մենք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացուցած ենք, սակայն մենք պատասխանատու չենք կառավարութեան կազմութեան, հետեւաբար չենք կրնար խօսիլ անոր յայտարարութեան մօտալուտ ըլլալու հաւանականութեան մասին», ըսաւ Ռիաշի:

Ռիաշիի Այն Թինէ այցելութիւնը աւարտելէ ետք, նախարար Ալի Հասան Խալիլ ուղղուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը:

Խալիլ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Խալիլ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւններ կատարել:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Երկրին Վերաբերող Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Մշակութային Շարք Մը Հարցեր

Յաջորդը

Ճեզիրէի Մէջ Ստեղծուած Զգայուն Կացութեան Գծով Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա., Աֆրամ Բ. Եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Հոգեւոր Պետերուն Միջեւ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.