Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Ռուսիոյ Հետ Բանակցութիւնները

August 31, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը:

Հանդիպումէն ետք Զասիփքին յայտնեց, որ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Պասիլի ունեցած հանդիպումին եւ շրջանային զարգացումներուն լոյսին տակ քննարկեցինք լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին` ռուսական նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ:

Զասիփքին յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները կը յարգեն եւ կը զօրակցին սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ռուսական նախաձեռնութեան: Ան աւելցուց, որ իրենք քննարկեցին նաեւ յանձնախումբ մը կազմելու հարցը` հետապնդելու համար տուեալ նպատակը:

Զասիփքին հաստատեց լիբանանեան-սուրիական համագործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` իրագործել կարենալու համար այս նպատակը:

Ան շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորող ռուսական նախաձեռնութիւնը ամբողջական է եւ բաց է բոլորին դիմաց` մաղթելով, որ անիկա արժանանայ նաեւ ամերիկեան կողմին զօրակցութեան: «Սակայն ռուսական նախաձեռնութեան նկատմամբ ամերիկեան մերժումը չի նշանակեր, որ այդ նախաձեռնութեան գործադրութիւնը պիտի կասեցուի», ընդգծեց Զասիփքին:

Ան յոյս յայտնեց, որ այդ յանձնախումբը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին կազմուի:

Պասիլ ընդունեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով ռուսական նախաձեռնութեան գործադրութեան վերաբերող հարցեր:

Պասիլի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Տահլըր Քարտել, որ յայտնեց, թէ Պասիլի հետ քննարկած է յառաջիկայ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին նախապատրաստութիւնները:

Քարտել շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին հաստատուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութեան, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. Լիբանան Կոչուած Է Իր Ռազմավարական Դիրքորոշումը Վերատեսութեան Ենթարկելու

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Երկրին Վերաբերող Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Մշակութային Շարք Մը Հարցեր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.