Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի Առաջին Եռեակը

August 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Վահագն Մատինեան երէկ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացուց Երեւանի աւագանիի  ընտրութիւններուն մասնակցելու ՀՅԴ-ի գրանցման դիմումը:

Մատինեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ՀՅԴ-ի ցանկը բաղկացած է 77  անդամներէ:

Ցուցակը կը գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան անտառային կոմիտէի նախագահ Միքայէլ Մանուկեան:

Երկրորդը «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Դաւիթ Յակոբեանը, իսկ երրորդը` Երեւան քաղաքի ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչատուր Ստեփանեանն է:

Մատինեան նշեց, որ իրենք բոլոր թեկնածուներն ալ կը նկատեն մրցակից:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երեւանցին ՀՅԴ-ին ձայն կու տա՞յ, ան արձագանգեց. «Այո, երեւանցին Դաշնակցութեան ձայն պիտի տայ, մեր թեկնածուն մեծ յարգանք եւ սէր կը վայելէ: Մեր աւագանիի անդամները բարձր արհեստավարժութեամբ օժտուած են»:

Լրագրողները հետաքրքրուեցան, թէ ՀՅԴ-ի վարկանիշին վրայ ինչպէ՞ս պիտի անդրադառնայ Քոչարեանի դատավարական հոլովոյթներուն մասին ՀՅԴ-ի յայտնած դիրքորոշումը:

Ի պատասխան` ան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը երբեք չէ խուսափած իր կարծիքը արտայայտելէ: «Ինչ որ ըսած ենք, ատիկա իրականութիւն է»,  նշեց ան:

Դիտարկումին, թէ մամուլը գրած է, որ ՀՅԴ քաղաքապետի թեկնածուն քրէական գործով մեղադրեալ եղած է, ան ըսաւ. «Գաղտնիք չէ, որ 1994-ին ՀՅԴ-ն այդ օրուան իշխանութեան կողմէ արգիլուեցաւ եւ շատ դաշնակցականներ, որոնց կարգին Միքայէլ Մանուկեանը, շինծու գործերով ձերբակալուեցան»:

Մատինեան նշեց, որ, եթէ այդ գործը շինծու չըլլար` յետոյ ան ազատ պիտի չարձակուէր:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ աւագանիի ընտրութիւններու կարգախօսն է` «Միասին` յանուն Երեւանի»

 

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է Մարթին Զոնեպըրնը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.