Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուս Սահմանապահները Ձերբակալած Են Թուրքիա-Հայաստան Սահմանը Կտրած Կինէի Քաղաքացին

August 18, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերը անգամ մը եւս ձերբակալած են սահմանը խախտած անձ մը:

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու վարչութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ 13 օգոստոսին ռուս սահմանապահները Արտաշատի սահմանապահ ջոկատի տեղամասին մէջ` Եղեգնաւան բնակավայրին մօտ ձերբակալած են տղամարդ մը, որ անօրինական կերպով կտրած է Թուրքիա-Հայաստան սահմանը:

Նախնական ստուգման հիմամբ ի յայտ եկած է, որ սահմանախախտը Կինէի Հանրապետութեան 1993-ին ծնած քաղաքացի է: Ձերբակալուածին համաձայն, ինք Կինէի Հանրապետութենէն մեկնած է Թեհրան` բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն մուտք գործելու համար: Ան պատմած է, որ հասնելով Թեհրան, հանդիպած է թաքսիի վարորդի, որմէ խնդրած է իրեն համար երկրի տարածքին շրջապտոյտ կազմակերպել, սակայն վարորդը զինք տարած է Թուրքիա` շրջանցելով անցակէտը:

Թուրքիոյ տարածքին մէջ թաքսիի վարորդը գրաւած է անոր անձնագիրը, ատոր մէջ Թուրքիոյ տարածք մուտքի արտօնագիր դրած է, որմէ ետք վերադարձուցած է անձնագիրը եւ հեռացած անյայտ ուղղութեամբ:

Սահմանախախտ կինեցին պատմած է, որ երկու օր ապրած է Թուրքիոյ տարածքին մէջ լքուած հաստատութեան մը մէջ, ուր զինք թալանած են` վերցնելով իր քով եղած ամբողջ գումարն ու հեռաձայնը: Ատկէ ետք, սնունդ փնտռելու ընթացքին ան կտրած է Արաքս գետը` խախտելով Թուրքիա-Հայաստան պետական սահմանը:

Այս պահուս սահմանախախտի վարկածը կը ճշդեն Հայաստանի իրաւապահ մարմինները եւ կը յստակացնեն միջադէպին բոլոր հանգամանքները: Ձերբակալուած քաղաքացին օրէնսդրական կարգին համապատասխան յանձնուած է Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Ելեկտրածին Շարժակներու Հայթայթած Ելեկտրականութեան Համար Ժամացոյցներու Զետեղումը Արդար Որոշում Է»

Յաջորդը

Մոսկուա. «ԵԱՀԿ-ի Մէջ Նախիջեւանի Եւ Հայաստանի Սահմանին Հսկողութիւն Կատարելու Հարցը Չէ Քննարկուած»

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.