Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

November 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն կողմէ կառավարութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը քաղաքական պատգամ մըն է: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ հրաժարականի սպառնալիքը քաղաքական ճնշում բանեցնելու միջոց մըն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Թրիփոլիի Ապու Ալի գետին ափին մօտ վնասազերծեց ական մը, որ լարուած էր եւ պատրաստ պայթելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ զէնքով կարելի չէ պետութիւն կերտել, որովհետեւ զէնքը քաղաքական հորիզոններ չունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը կարելի է իրականացնել` ամրապնդելով երկրին ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական ապահովութիւնը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Մերժահիունի, Խիամի, Հասպայայի, Ժեզզինի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ: «Էֆ. 16» տիպի իսրայէլեան կործանիչներ ոտնձգութիւններ գործեցին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ խախտեցին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

ՊԱՐԺԱՅԻ եւ Թրիփոլիի բնակիչները երէկ հրկիզուած անիւներով փակեցին միջազգային մայրուղին` իբրեւ բողոք ելեկտրական հոսանքի անջատման դէմ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք վստահութիւն ունին Լիբանանի վրայ` աւելցնելով, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապին լուծումը տակաւին կարելի է:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Արաբական լիկան գործակալ կը նկատուի` նկատել տալով միաժամանակ, որ այդ կառոյցը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու, Արեւմուտքի եւ օսմանականութեան գիրկին մէջ ու ստիպուած է գործել ի շահ իսրայէլեան գոյացութեան: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ քանդումը կը նշանակէ Լիբանանի քանդումը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ ինք յանձնառու է լիբանանեան պետութեան կողմէ տրուելիք որոշումին: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կրնայ երկար  չգոյատեւել` նկատի ունենալով կառավարական կազմին մէջ տիրող քաղաքական տարակարծութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութեան մաս կազմող կողմերը կը ջրեն բարեկարգումները եւ կը խոչընդոտեն ժողովրդավարութեան ուղին` իրենց ձեռքերը զետեղելով թշնամի Իսրայէլի ափերուն մէջ:

ՍՂԱՃԻՆ դէմ քաղաքացիներուն կատարած ցոյցի մը պատճառով Պաալպեք-Քաա միջազգային ճամբան փակուեցաւ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին օրակարգն է Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը մինչեւ յառաջիկայ չորեքշաբթի կրնայ տապալիլ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգութիւն յայտնեց, որ երկիրը կրնայ դէպի անիշխանութիւն երթալ, եթէ կառավարութիւնը հրաժարի:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժեր «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր պաշտօնին վերջին օրերը կ’ապրի` աւելցնելով, որ իրենք կը գտնուին շատ բարդ հանգրուանի մը դիմաց:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, հաղորդեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը կարելի չէ ֆինանսաւորել: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականին հետ ոչ մէկ հարց կայ:

ԸՍՏ «Սաֆիր» օրաթերթին, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտած է, որ ինք կը մերժէ Միքաթիի հրաժարականը եւ համաձայն չէ կառավարութեան նիստերը պոյքոթի ենթարկելու:

 

Նախորդը

ԻՐԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼ

Յաջորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆՔ ՎԱՆՔԵՐՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԲՈԼՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ` ԻՐԵՆՑ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՉՎՍՏԱՀԵԼՈՒ ՕՏԱՐԱՀՊԱՏԱԿ ԵՒ ՈՉ-ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ»

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։