Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, որ «Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրընկալեց Քլիւժը (Ռումանիա), 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած երէկուան այս մրցումին հիւր կազմը իր կոլերը նշանակեց շնորհիւ Ճիորճի Ցուկութիայի իրագործած տուպլէին (5-րդ եւ 49-րդ` փենալթիով):
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի ունենայ 16 օգոստոսին, Ռումանիոյ մէջ:



