Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Մաարիւ»-ի, Յառաջիկայ Ամիս Նախատեսուած Է Թրամփ-Ռուհանի Հանդիպում

August 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններու Կայացումը Կախեալ Է Թեհրանէն» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներ-Իրան բարձր մակարդակի բանակցութիւններու կայացման կարելիութիւնը կախեալ է Թեհրանէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

Թրամփ մասնաւորաբար գրած է.«Իրանի եւ անոր տնտեսութեան վիճակը հետզհետէ արագ կշռոյթով կը վատթարանայ: Պիտի հանդիպիմ, թէ ոչ, կարեւոր չէ: Ամէն բան կախեալ է անոնցմէ»:

Թրամփ 30 յուլիսին յայտարարած էր Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ առանց նախապայմաններու հանդիպման պատրաստակամութեան մասին: Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ նշած էր, որ Սպիտակ տան ղեկավարի գաղափարը պիտի ողջունէ, եթէ Թեհրան իրականացնէ որոշ նախնական համաձայնութիւններ:

Սակայն 31 յուլիսին, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յստակացուցած էր, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը կ՛աջակցի երկրի ղեկավարի առաջարկին, միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ առայժմ երկկողմանի հանդիպումներ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ չեն նախատեսուիր:

Թրամփ 1 օգոստոսին կարծիք յայտնած էր, որ Թեհրան տեսանելի ապագային պիտի ուզէ բանակցութիւններու սկսիլ Ուաշինկթընի հետ, միեւնոյն ժամանակ, ան խօսած էր որեւէ հաղորդակցութենէ Իրանի հրաժարման հաւանական դիպաշարի մասին:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ յառաջիկայ ամիս Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Թրամփ-Ռուհանի հանդիպում մը որոշուած է:

«Գերմանական եւ ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրներ ներկայիս իրանեան եւ ամերիկեան կողմերուն հետ ոչ պաշտօնական բանակցութիւններ կը վարեն յառաջիկայ ամիս ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պատմական վեհաժողովը գումարելու համար», նշեց իսրայէլեան օրաթերթը:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Կ՛Որոշէ Սառեցնել Միացեալ Նահանգներու Ներքին Գործոց Եւ Արդարադատութեան Նախարարներուն Հաշիւները

Յաջորդը

«Թեհրան Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Իրանեան Շահերու Հետապնդման Գրասենեակ Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Քասեմի

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.