Երէկ` հինգշաբթի, 26 յուլիսին մահացաւ Ռասինկ Պէյրութի փոխնախագահ Մորիս Ժըրժի Ապու Ժաուտէն:
Ան Ռասինկի հետ եղաւ 15 տարի եւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին միշտ կանգնեցաւ խումբին կողքին` անոր լաւ թէ վատ օրերուն ընթացքին:
Պէյրութեան ակումբին վարչութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն:
Ռասինկ Պէյրութի պատասխանատուները ակումբին համակիրներուն կոչ ուղղեցին ներկայ գտնուելու խումբին ծառայած փոխնախագահին յուղարկաւորութեան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 27 յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին, Մար Թաքլա եկեղեցւոյ մէջ (Պաքնայա):



