Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաժ Հասան. «Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Աշխուժացումը Պիտի Յանգի Արդիւնաբերութեան Մակարդակի Բարձրացումին»

July 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սուրիա` ընդառաջելով սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Մոհամետ Մազեն Ալի Եուսեֆի հրաւէրին:

Հաժ Հասան Սուրիոյ ճարտարարուեստի նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եուսեֆի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հաժ Հասան յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են եւ խոր արմատներ ունին` աւելցնելով, որ թէեւ լիբանանցիներէն ոմանք համոզուած չեն այս իրականութեան, սակայն անոնք ուշ կամ կանուխ պիտի համոզուին:

Հաժ Հասան շեշտեց, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու աշխուժացումը պիտի յանգի արդիւնաբերութեան մակարդակի բարձրացումին:

Հաժ Հասան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ փոխադրութեան նախարար Ալի Համմուտի հետ:

Հանդիպումէն ետք Հաժ Հասան յայտնեց, որ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վերաշինութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Ան ըսաւ, թէ արաբական մայրուղիի շինութիւնը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ Թրիփոլիի Ապպուտիէ շրջանը Սուրիոյ կապող գնացքի դրութիւնը իր կարգին վաւերացուած է: «Սուրիոյ վերաշինութեան մեկնարկին զուգահեռ, Պէյրութի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստներն ու երկու երկիրներուն միջեւ փոխադրութեան ցանցը իրենց առանցքային դերակատարութիւնը պիտի ունենան», հաստատեց Հաժ Հասան:

Նշենք, որ Հաժ Հասան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ վարչապետ Իմատ Խամիսի հետ:

Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ճարտարարուեստի եւ փոխադրութեան մարզերուն վերաբերող հարցեր:

Հաժ Հասան յայտնեց, որ Սուրիա կատարած իր այցելութիւնը ոչ ոքի դէմ մարտահրաւէր է կամ քաղաքական տարակարծութիւն հրահրելու փորձ, «ընդհակառակն` երկու երկիրներուն գերագոյն շահերը կ՛ենթադրեն եղբայրական յարաբերութիւններու ամրապնդումը», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստը Վաւերացուց Աղբահանման Ամբողջական Տնօրինման Օրինագիծը

Յաջորդը

Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Ծրագիրին Գծով. Ռուսիոյ Նախագահին Պատուիրակը Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ Հանդիպումը Շատ Դրական Կը Գնահատէ

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.