Երէկ յետմիջօրէին իսրայէլեան օդուժի ռմբաձիգները աշխուժ թռիչքներ կատարեցին լիբանանեան օդային տարածքին վերեւ:
Աւելի ուշ, սուրիական բանակի աղբիւրներ յայտնեցին, որ իսրայէլեան օդուժը լիբանանեան տարածքէն հրթիռակոծած է Մսեաֆի մէջ սուրիական բանակի դիրքեր: Աղբիւրը նշեց, որ արձանագրուած են միայն նիւթական վնասներ:



