Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին մասնակցող ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց նորաստեղծ խումբը, այսօր` շաբաթ, 21 յուլիսին կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ կը մրցի Թապաք – Թանպահ խումբին դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ռամլեթ Պայտայի շրջանին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ վերոնշեալ շրջանը` քաջալերելու համար իրենց կազմը:



