Գանձասար Կապան Եւ Բանանց
Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն
«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, հայկական երեք խումբերէն երկուքը, դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Զտումի Բ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց միայն Փիւնիկը, մինչ Գանձասար-Կապան եւ Բանանց դուրս մնացին հետագայ պայքարէն:
Փիւնիկ Երեւան յաղթահարեց Վարտարի արգելքը, երբ մրցակիցի դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Պաքար Փալտէի նշանակած երկու կոլերուն (86-րդ եւ 89-րդ): Երթի մրցումին Փիւնիկ իր դաշտին վրայ արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն Փիւնիկի մրցակիցը պիտի ըլլայ ղազախական Թոպոլը:
«Եւրոպայի լիկա»-ին մէջ հանդէս պիտի գայ նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն դուրս մնացած Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտը, որ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սութիեսքան:
Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 26 յուլիսին, իսկ դարձի մրցումները` 2 օգոստոսին:
Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ թէեւ Գանձասար-Կապան յաղթեց Լեխի (2-1), սակայն նկատի ունենալով, որ մրցակից կազմը երթին արձանագրած էր 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, հայկական կազմը դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Վերջապէս, Բանանց, որ կը մրցէր պոսնիական Սարայեւոյին դէմ, 3-0 արդիւնքով պարտուելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Երթին եւս հայկական կազմը պարտուած էր (2-1):



