Սպանական հարկերու քաղաքականութիւնը` ֆութպոլին մէջ, կը վտանգէ սպանական Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ներուժը, յայտարարեց «Լա լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպաս` անդրադառնալով փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի տեղափոխութեան` Ռէալ Մատրիտէն Եուվենթուս:
«Իտալիոյ մէջ Ռոնալտօ աւելի շատ դրամ պիտի շահի, որովհետեւ այդտեղ տուրքերը աւելի ցած են, քան Սպանիոյ մէջ: Սպանիան վատագոյն լիկան ունի հարկերու տեսանկիւնէն: Այստեղ ֆութպոլիստներուն շահը աւելի քիչ կ՛ըլլայ: Մենք պէտք է մտածենք այդ մասին, որովհետեւ անոր պատճառով մեր ախոյեանութիւնը կրնայ տկարանալ», ըսաւ Թեպաս:



