Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանէն քաշուած Շիրակ, պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ կը վերադառնայ բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.
«Ուրախութեամբ կու գանք տեղեկացնելու մեր համակիրներուն, որ Շիրակ կը վերադառնայ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն խումբի ախոյեանութիւն, որովհետեւ մեր պահանջը կատարուեցաւ:
«Համոզուած ենք, որ 11 սեպտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համագումարին Արթուր Վանեցեան կը դառնայ ֆետերասիոնի նոր նախագահ, եւ արդէն նոր ֆետերասիոնը զերծ կը մնայ աշխատասենեակներուն մէջ ախոյեաններ ընտրելէ:
«Դժբախտաբար, այդ համագումարին ընթացքին մենք քուէարկելու եւ թեկնածու առաջադրելու իրաւունք չունինք, որովհետեւ նախորդ 30 յունիսին տեղի ունեցած ապօրինի ժողովին ընթացքին մեզ զրկեցին անդամակցութենէն:
«Յամենայն դէպս, մենք կ՛աջակցինք Վանեցեանին եւ պատրաստ ենք միասին ֆութպոլի նոր պատմութիւն կերտելու»:



