Ֆութպոլի աշխարհի փոխախոյեան հանդիսացած Խրուաթիոյ ազգային խումբի յառաջապահ Նիքոլա Քալինիչ չընդունեց իրեն առաջարկուած արծաթ մետալը:
«Շնորհակալութիւն, բայց ես Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալին չմասնակցեցայ», ըսաւ ան:
Աշխարհի ախոյեանութեան աւարտէն ետք Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիկները որոշեցին, որ անոր եւս պէտք է տրուի մետալ մը, ինչ որ սակայն մերժուեցաւ ֆութպոլիստին կողմէ:



