Իրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Լեւոն Չաքըրեան ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Մոսկուա Թեհրանի հետ Սուրիայէն իրանեան ուժերու հեռացման շուրջ չի բանակցիր»:
«Սուրիական կառավարութիւնը միակ իրաւասու կողմն է իրանեան ուժերու` իր հողերուն վրայ ներկայութեան հարցը քննարկելու», աւելցուց ան:
Ան ըսաւ, թէ յուսախաբ պիտի ըլլան անոնք, որոնք Ռուսիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն կ՛ուզեն տեսնել:
Ռուսիոյ դեսպանը նաեւ նշեց, որ Մոսկուան «առաւելագոյն ջանք կը թափէ Սուրիոյ մէջ Իրան-Իսրայէլ որեւէ բախում կանխարգիլելու համար»:



