Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի հրաւիրած է:
Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Սարա Սենտըրզ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Թրամփ Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթընին թելադրած է Փութինը հրաւիրել` աւելցնելով. «Այդ քննարկումները արդէն ընթացքի մէջ են»:
Քանի մը ժամ առաջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ «անհամբերութեամբ կը սպասէ» Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ յաջորդ հանդիպումին` «սկսելու իրագործել» այն հարցերը, որոնք քննարկուած են Հելսինքիի վեհաժողովին ընթացքին: Այս մասին ան գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Սի.Էն.Էն.» կը նկատէ, թէ Թրամփ, որուն հասցէին բազմաթիւ քննադատական գրութիւններ հրապարակուած են Փութինի հետ հանդիպումէն ետք, լրատուամիջոցները դարձեալ «ժողովուրդի թշնամի» կոչած է` զանոնք մեղադրելով վեհաժողովը խեղաթիւրելու եւ Միացեալ Նահանգներու ու Ռուսիոյ միջեւ ճակատում հրահրելու յանցանքով:
Թրամփ թուիթըրեան գրառումներու միջոցով շեշտած է, որ Փութինի հետ իր հանդիպումը յաջող էր: «Ռուսիոյ նախագահին հետ վեհաժողովը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ` հակառակ ժողովուրդի իսկական թշնամիին` կեղծ լրատուամիջոցներուն: Անհամբերութեամբ կը սպասեմ մեր երկրորդ հանդիպումին, որպէսզի սկսինք իրագործումը քննարկուած բազմաթիւ հարցերէն ոմանց, որոնց շարքին ահաբեկչութեան, Իսրայէլի անվտանգութեան, հիւլէական զէնքի տարածման, համացանցային յարձակումներու, առեւտուրի, Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան, Հիւսիսային Քորէայի եւ բազմաթիւ այլ հարցեր», գրած է Թրամփ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ Թրամփ Հելսինքիի մէջ Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին կրցած է կապ ստեղծել Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան եւ երկխօսութեան համար:
«Նախագահին նպատակն էր ստեղծել հաղորդակցութեան եւ երկխօսութեան համար կապ, եւ մենք ատոր հասանք», ըսած է Փոմփէօ:
«Նախագահը նպատակ ունէր փորձել փոխել երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ վատ ուղիով ընթացքին երկու երկիրներու ճամբան: Մենք պատրանքներ չունինք Միացեալ Նահանգներուն դէմ ուղղուած Ռուսիոյ մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ: Սակայն կան այնպիսի հարցեր, ինչպիսին է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը. այո՛ այս երկու երկիրները զինուած են հիւլէական զէնքով: Այնպէս որ, եթէ մենք կարենանք կրճատել հիւլէական զէնքէն վտանգը…», ըսաւ Փոմփէօ` չաւարտելով միտքը:
Փոմփէօ աւելցուց նաեւ, որ Թրամփ եւ Փութին Հելսինքիի մէջ քննարկած են նաեւ Սուրիոյ տագնապին լուծումը եւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու միջոցները:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահը Հելսինքիի հանդիպումին ընթացքին Միացեալ Նահանգներուն առաջարկած է հանրաքուէ կատարել Տոնպասի մէջ` ճգնաժամի լուծման համար:
Գործակալութեան աղբիւրները, որոնք ներկայ եղած են Ռուսիոյ դեսպաններու ներկայացուցիչներու հետ Փութինի խորհրդակցութեան, յայտնած են, որ խօսքը միջազգային կազմակերպութիւններու հովանիին տակ հանրաքուէի մասին է, որուն ժամանակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի բնակիչները պիտի որոշեն տարածքներու կարգավիճակը:
«Պլումպըրկ»-ի աղբիւրները աւելցուցած են, որ Փութին եւ Թրամփ համաձայնած են չհրապարակել այդ ծրագիրը, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու նախագահը կարելիութիւն ունենայ մտածելու այդ ուղղութեամբ:



