Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Ճոզըֆ Վոթըլ, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութիւններուն կը վերահսկէ, յայտնեց, թէ Հելսինքիի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ վեհաժողովէն ի վեր ռուսական բանակին հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ նոր ցուցմունքներ չէ ստացած:
Զօր. Վոթըլ լրագրողներուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Սուրիոյ մէջ ռուսական բանակին հետ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու շուրջ բանակցութիւնները, սակայն մինչեւ հիմա Հելսինքիի բանակցութիւններուն հիմամբ նոր ցուցմունքներ չեն հրապարակուած:
Ամերիկացի զօրավարը նաեւ նշեց. «Ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն հեռացման շուրջ համաձայնութենէն տեղեակ չեմ, եւ Սուրիոյ մէջ ուղղակիօրէն Իրանի վրայ կեդրոնացող առաքելութիւն մը չունինք»:



