Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ վարագոյրը իջաւ եւ սեղանի վրայ գտնուող հրատապ հարցերուն մէջ առաջին դիրքը գրաւած` ռուսական «Էս- 400» տիպի գերարդիական հրթիռային համակարգի վաճառքին կապուած խնդիրները դարձեալ իրենց վրայ կեդրոնացուցին բոլոր լուսարձակները:
Նախ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ռազմաքաղաքական հարցերով օգնական Թինա Քայտանօ բացայայտեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն իսկ լուրջ խօսակցութիւններու փուլը թեւակոխած է` Թուրքիոյ ամերիկեան արտադրութեամբ «Փեթըրիըթ» տիպի հրթիռային համակարգ վաճառելու համար:
Քայտանոյի այս յայտարարութենէն առաջ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը յունիս 18-ին վաւերացուց «2019 Ազգային պաշտպանութեան» օրէնքը, որ կ՛արգիլէր ամերիկեան «ԷՖ- 35» տիպի հալածիչներու Թուրքիոյ յանձնումը: Բայց պէտք է յիշել, որ հակառակ այս օրէնքին` յունիս 21-ին Թեքսասի մէջ կայացաւ հալածիչներուն առաջին խմբաքանակին յանձնումը, որ սակայն ոչինչ կը նշանակէ, որովհետեւ հալածիչներու գործածութեան հոլովոյթը բաւական երկար ժամանակի կը կարօտի, մինչեւ որ թուրք օդաչուներ կարենան ամբողջութեամբ տիրապետել հալածիչները օդը բարձրացնելու գաղտնիքներուն:
Անշուշտ Թուրքիոյ «Փեթրիըթ» տիպի ցամաք-օդ հրթիռներու համակարգ վաճառելու ամերիկեան իշխանութիւններուն պատրաստակամութեան միակ պատճառը Ռուսիայէն ցամաք-օդ «Էս- 400» տիպի գերարդիական հրթիռներ գնելու Թուրքիոյ որոշումն է, որ արդէն իսկ հաստատուած եւ վաւերացուած է, յատկապէս` նիւթական բաժնով, որովհետեւ ռուսերը նոյնիսկ վարկ տրամադրած են, որպէսզի Թուրքիա համակարգերը ոչ միայն կարենայ գնել, այլեւ` քանի մը տարիէն ալ զանոնք Թուրքիոյ մէջ արտադրել, բնականաբար ռուսերուն օգնութեամբ:
ՕԹԱՆ-ի մէջ երկրորդ մեծագոյն բանակը ունեցող Թուրքիոյ ղեկավարութեան այս քայլը լուրջ մտահոգութիւններու դուռ բացաւ արեւմտեան զինակցութեան եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու դիմաց, որովհետեւ Թուրքիա- Ռուսիա մերձեցման նորագոյն դրսեւորումները ունին յստակ առաջադրանքներ եւ հիմնուած են ռազմաքաղաքական երկկողմանի շահերու վրայ:
Այս ծիրին մէջ առաւելաբար Թուրքիոյ ղեկավարութիւնն է, որ կը վարէ երկճիւղ քաղաքականութիւն մը, որովհետեւ բացայայտ է, որ Անգարա կը ջանայ զինուորական եւ յատկապէս զինուորական գերակայութեան մակարդակ մը նուաճել, եւ ասիկա իրականութիւն դարձնելու համար ռուսական հրթիռներուն ձեռքբերումը կը համարուի կենսական քայլ մը:
Անշուշտ Ռուսիա-Թուրքիա ռազմաքաղաքական կապերու առաւել ամրապնդումը թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ՛ Անգարայի շահերէն կը բխի, եւ կասկածէ վեր է, որ այս մերձեցման մէջ կարեւոր հանգամանք մըն է`» կորիզային ուժանիւթի, ինչպէս նաեւ բնական կազի եւ ուժանիւթի այլ բնագաւառներու մէջ ռուսեւթրքական գործակցութիւնը: Մինչ թուրքերը կը ջանան կարելի եղածին չափ անկախանալ ՕԹԱՆ-ի համակարգէն, ռուսերը ամէն միջոցի կը դիմեն, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցն ու գործակիցը հանդիսացող Թուրքիան կամաց- կամաց Ռուսիոյ կողմը քաշել, որպէսզի շրջանին մէջ ունենան բաւական ուժեղ, բայց վստահութեան հարցեր դիմագրաւող պետութիւն մը:
Այս իմաստով ալ մեզ հետաքրքրողը Արցախեան թղթածրարն է, որովհետեւ թուրքերը լաւապէս կը գիտակցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման մէջ Ռուսիոյ ունեցած հեղինակութիւնն ու դերակատարութիւնը, եւ երբ ռիսքեր դիմագրաւելով` Ռուսիոյ մերձեցման քաղաքականութիւնը օրէ օր աւելի կը զարգացնեն եւ կը կիրարկեն, նաեւ ի մտի ունին Արցախի տագնապը ի նպաստ Ազրպէյճանի լուծելու ծրագիրը, որ հաստատապէս կը կարօտի Ռուսիոյ հետ ամբողջական համակարգման մը:
«Էս- 400» տիպի հրթիռներու վաճառքը, ինչպէս նաեւ շուրջ քսան միլիառ տոլար արժող Աքէօյիւ շրջանին մէջ ռուսական ծրագրով կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Թուրքիոյ կորիզային առաջին կայանը Անգարայի համար կը ծառայեն այս նպատակին, որպէսզի Թուրքիա, հակառակ տեղական տնտեսական եւ ելեւմտական լուրջ խնդիրներուն, արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարենայ ապահովել ռուսական խաղաքարտ մը:
Այս ծիրին մէջ ալ այժմ Թուրքիա իրողապէս կը գտնուի ամերիկեան «Փեթըրիըթ» եւ ռուսական «Էս-400» հրթիռներու գործարքներուն միջեւ տեղ մը, ուր հաշուի պիտի առնուին ռազմաքաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական թէ շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող բոլոր զարգացումները, նախքան` վերջնական ուղղութեան մասին թրքական ճակատագրական որոշման մը կայացումը:



