Եուվենթուսի յառաջապահ Կոնզալօ Իկուային շատ հաւանական է, որ այս ամառ մարզիկներու փոխանցման ընթացքին տեղափոխուի Չելսի:
«Քալչիօ-Մերքաթօ» իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կը յայտնէ, որ արժանթինցիին եղբայրը, որ անոր գործակատարն է, կ՛ըսէ, թէ ան համաձայն գտնուած է տեղափոխուիլ լոնտոնեան ակումբ:
Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Եուվենթուս ժամանումը շատ հաւանաբար պատճառ դառնայ, որ Իկուային նկատի առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, «Ծեր Սինիորան» յոյս ունի արժանթինցիին փոխանցումէն ստանալ 55 միլիոն եւրօ:



