Եուվենթուս ակումբին կայքը` «Թութթօ Ժիւվէ» կը հաղորդէ, որ ակումբի նորեկ ֆութպոլիստ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մարզաշապիկները շատ արագ կը վաճառուին:
Նշուեցաւ, որ պաշտօնական խանութներու մօտ համակիրներու երկար շարքեր կը տեսնուին:
Ռոնալտոյի իւրաքանչիւր խաղաշապիկի գինը 100 եւրօ է:
Եուվենթուս ակումբին պատասխանատուները կը յայտնեն, որ եթէ վաճառքը այսպիսի մեծ թափով շարունակուի, կ՛ակնկալուի 100 միլիոն եւրոյի շահ մը:



