Իտալական «Ֆիաթ» ինքնաշարժի ընկերութեան աշխատակիցները դժգոհ են, որ Եուվենթուս 100 միլիոն եւրօ ծախսեց փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի փոխանցման համար:
Նշենք, որ «Ֆիաթ» Եուվենթուսը հովանաւորող ընկերութիւնն է:
Տնտեսական ծանր վիճակի մէջ գտնուող այդ գործարանին ներկայացուցիչները եւ աշխատակիցները 15-17 յուլիսին գործադուլի դիմած են:
«Մեզի կ՛ըսեն, որ դժուարին ժամանակներու մէջ կը գտնուինք, իսկ անդին ընկերութիւնը 100 միլիոն եւրօ կը ծախսէ ֆութպոլիստ մը գնելու համար: Ասիկա անթոյլատրելի է: Աշխատակիցներուն շահերը պէտք է ըլլան առաջին դիրքին վրայ:
«Մենք ենք, որ այս ընկերութեան համար շահած ենք այսօրուան այս վիճակը, իսկ սեփականատէրերուն համար աւելի կարեւոր է ֆութպոլը, զուարճանքը», նշուեցաւ աշխատակիցներուն կողմէ հրապարակուած այդ հաղորդագրութեան մէջ:



