Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Եուվենթուսին միանալէն քանի մը օր ետք, Ռէալ Մատրիտի «Թուիթըր»-ի էջը, ինչպէս նաեւ որոշ կայքեր հետեւորդներու մեծ նահանջ մը արձանագրած են:
«ԱՍ» հաղորդեց, որ «Թուիթըր»-ի էջը մէկ միլիոն հետեւորդներէ պակսած է: Ատոր հակապատկերը եղած է այն, որ Եուվենթուսի հետեւորդներուն թիւը շատցած է մէկ միլիոնով:
Հակառակ ատոր սակայն, Ռէալ Մատրիտի աշխարհի մէջ ամէնէն շատ հետեւորդները ունի «Թուիթըր»-ին վրայ` 31 միլիոն:



