Ամերիկեան «Պանք աֆ Ամերիքա» դրամատունը զգուշացուցած է, որ համաշխարհային ելեւմտական շուկային մէջ կրնայ տեղի ունենալ 1997-1998 թուականներու համաշխարհային ճգնաժամի կրկնութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»:
Միտումներու վերլուծութեան հիման վրայ դրամատան փորձագէտները կը նախատեսեն 1998 թուականի իրադարձութիւններու հաւանական կրկնութիւն, երբ ասիական շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ տնտեսական ճգնաժամ, իսկ Ռուսիոյ մէջ պարտքերը վճարելու անկարողութիւն յայտարարուեցաւ:
«Միացեալ Նահանգներու մէջ կայուն աճը, պարտատոմսերու եկամտաբերութեան կորի հարթեցումը, զարգացող երկիրներու շուկաներու կրճատումը, այդ ամէնը նման է քսան տարի առաջուան դէպքերու արձագանգին», յայտարարած է «Պանք աֆ Ամերիքա»-ի յառաջատար ներդրումային վերլուծաբան Մայքըլ Հարթնեթ:
Վերլուծաբանները տուեալ ախտանշանները կը համեմատեն 1900-ականներու իրավիճակին հետ: Այդ տասնամեակի սկիզբը ելեւմուտքի ոլորտին մէջ խստացուող քաղաքականութիւնը յանգեցուց տոլարի ամրապնդման, եւ անիկա երեք տարուան ընթացքին թանկացաւ 25 առ հարիւրով:
Զարգացող շուկաները նոյնպէս այդ ժամանակ անկում կ՛արձանագրէին: Այժմ զարգացող երկիրներու պարտատոմսերու շուկային արժէքը կը նուազի` հասնելով համաշխարհային ելեւմտական ճգնաժամի պահէն ի վեր նուազագոյնին:
Նշենք, որ «Պանք աֆ Ամերիքան» կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու երկրորդ մեծագոյն դրամատունը:



