Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արմէնփրես»-ի Տնօրէնին Աշխատանքային Հանդիպումները

July 12, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց
«Արմէնփրես»-ի Տնօրէնը

Երեքշաբթի, 10 յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Արմէնփրես»-ի տնօրէն Արամ Անանեանը: Հանդիպումին ներկայ էին կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, յիշեալ բաժանմունքի վարիչի օգնական Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, ինչպէս նաեւ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու խմբագիրները:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու ընդհանրապէս Հայաստանի ներկայ կացութիւնը, Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը եւ յատկապէս հայ մամուլին դերն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ հայ մամուլը հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցին կողքին գործօն դերակատարութիւն ունի հայապահպանման համազգային առաքելութեան մէջ եւ այս ծիրին մէջ ընդգծեց Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց
«
Արմէնփրես»-ի Տնօրէնը

Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուող հայրենի «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին:

Արամ Անանեան ներկայացուց «Արմէնփրես»-ի  ընդհանուր գործունէութիւնը` կեդրոնանալով սփիւռքեան եւ այս պարագային լիբանանահայ կեանքին վերաբերող լրատուութիւնները ներառելու աշխատանքներուն վրայ: Ան ընդգծեց, որ արդէն որոշ ճամբայ կտրած է լիբանանահայ լրատուամիջոցներու հետ «Արմէնփրես»-ի համագործակցութիւնը:

Յակոբ Բագրատունի բարձր գնահատեց «Արմէնփրես»-ի եւ լիբանանահայ մամուլին միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, ապա զրուցակիցները անդրադարձան յատկապէս տպագիր մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւնները յաղթահարելու տարբեր միջոցներուն:

Մամլոյ Հարցերու Քննարկում`
Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ

Տպագիր մամուլին առջեւ ծառացած խնդիրներու յաղթահարման ուղիներու քննարկում տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: «Արմէնփրես»-ի տնօրէնն ու հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերու խմբագիրները նախ դեսպան Մկրտչեանին զեկուցեցին «Արմէնփրես»-լիբանանահայ մամուլ համագործակցութեան ուղիին մասին եւ ապա ներկայացուցին միջազգային տագնապը եւ բնականաբար հայ տպագիր մամուլին այսօրուան իրավիճակը, լրագրական մարդուժին հետ կապուած դժուարութիւնները:

Այս ուղղութեամբ խորհրդակցութիւններու ձեւաչափը աւելի ընդլայնելու եւ յատուկ խորհրդաժողով կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծուեցաւ բոլորին կողմէ: Դեսպան Մկրտչեան իր հերթին ողջունեց կայացած համագործակցութիւնը եւ ընդգծեց համահայկական լրատուադաշտին հետ կապուած խնդիրներու լուծման համար  համակարգուած ձեւով աշխատելու հրամայականը:

Նախորդը

Անկրկնելի Երազներու Կրկնութեան Սպասումով

Յաջորդը

«Պանք Աֆ Ամերիքա» Կը Նախատեսէ 1998-ի Համաշխարհային Ճգնաժամի Կրկնութիւնը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.