Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յուլիս Ա. – Խուսափիլ Կրկնութենէ

July 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յետպատերազմեան փուլի սեմին ազգային մեր կեանքը աշխուժացնելու գրաւականներէն մէկն ալ նոր աշխատելաոճի որդեգրումն ու կրկնութիւններէ խուսափումն է:

Միութենական գետնի վրայ, առնուազն վերջին 10-15 տարիներուն, ականատեսն ենք իրերանման ձեռնարկներու, երբեմն միայն վերնագիրներով տարբերող, սակայն, բովանդակութեամբ, ներկայացման ոճով եւ նոյնիսկ պատգամներով կրկնուող ձեռնարկներու:

Ո՞ւր պիտի առաջնորդէ մեզ ու մեր սերունդները այս սպառող կրկնութիւնը: Ի՞նչն է, որ կը պակսի մեր մօտ` նոր ոճով, նոր մօտեցումով, հետաքրքրական ու երիտասարդութիւնը գրաւող ձեռնարկներ կազմակերպելու եւ, այսպիսով, հայապահպանումի մեր առաքելութիւնը արդիական միջոցներով յառաջ տանելու համար… համարձակութի՞ւնը, նախաձեռնութեան ոգի՞ն, թէ՞ նորութիւններուն նկատմամբ վերապահութիւն ցուցաբերելու եւ իւրաքանչիւր նորութեան մէջ վտանգ մը տեսնելու հիւանդագին վիճակն է, որ բոյն դրած է մեր մէջ` պահպանողական միջավայրի եւ յատկապէս պատերազմական առօրեայի մէջ ապրած ըլլալնուս բերումով:

Հայ երիտասարդութեան մէջ ազգային արժէքները վառ պահելու, զինք անհատակեդրոն ու նիւթապաշտ կեանքէն դուրս բերելու եւ ազգային արժէքներուն, ազգային մեր կեանքին փարած պահելու համար անհրաժեշտ է թափ տալ նորարարութեան, հեռու մնալ սոսկ քարոզչական բնոյթ կրող նախաձեռնութիւններէ ու կառչիլ խորքին, մտածելով, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, ինչպէ՛ս ընել, որ նորահաս սերունդը մասնակից դառնայ մեր ազգային կեանքին եւ թափ տայ իր նախաձեռնող ոգիին` հեռու մնալով կրկնութենէ, կամ գաղափարազուրկ նորարարութենէ:

Հայ երիտասարդութիւնը ենթակայ է իր ազգային ինքնութիւնը նսեմացնող, պատկանելիութիւնը յօշոտող այլազան հոսանքներու: Այդ հոսանքներուն դէմ կարելի է դնել զինք առաւելագոյն չափով մասնակից դարձնելով մեր ազգային-հաւաքական կեանքին, պայմանաւ որ այդ  կեանքը օժտած ըլլանք նորարարութեամբ:

Մենք պարտաւոր ենք վերջապէս ըմբռնելու, որ ժամանակին հետ քայլ չպահող, ներկայ ժամանակներու պահանջները չցոլացնող ձեռնարկները, քարոզչական առումով յաջողութիւն իսկ արձանագրած ըլլան անոնք, պիտի չկարենան գոհացնել մեր երիտասարդութիւնը, թափ տալ անոր ստեղծագործ մտքին, զարգացնել անոր գեղարուեստական ճաշակը, ընդլայնել մտահորիզոնը, ամրապնդել պատկանելիութեան զգացումը, այնքան ատեն որ նոր խօսք, նոր միտք, նոր գործելաոճ չեն ներկայացներ անոր:

Վարչական պատասխանատուներ, ուրեմն, կոչուած են խուսափելու կրկնութիւն բուրող ծրագիրներէ, ձեռնարկներէ, աշխատանք մը պարզապէս տարած ըլլալու բաւարարութենէ, աւելին` ուռճացուած տեղեկագիրներ պատրաստելու անհեռանկար գործելաձեւէ: Անոնք պարտաւոր են նոր շարժումի մը ծնունդ տալ մեր միութենական շարքերուն մէջ` նոր տեսլականով, նոր մտայղացումներով յառաջ երթալու, ոչ թէ նախապէս եղածը կրկնելով կամ սոսկ աւանդականը պահելով բաւարարուելու:

Պատերազմ դիմագրաւած համայնքի մը համար երբեք դժուար չէ նորամուծութիւնը: Էականը կամք ու յանձնառութիւն ունենալն է, ու պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի վերածաղկի մեր միջավայրը:

«Գ.»

Նախորդը

Տարեդարձ. Յովհաննէս Քաջազնունի. 150-ամեակ

Յաջորդը

Անկրկնելի Երազներու Կրկնութեան Սպասումով

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.