– Ֆրանսա Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը`
1-0 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Պելճիքայի
– Այսօր` Անգլիա – Խրուաթիա
Տիտիէ Տեշանի գլխաւորած խումբը` Ֆրանսա, երէկ գիշեր ապահովեց 2018-ի մոնտիալի աւարտականի իր տոմսը` կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին նուազագոյն արդիւնքով յաղթելէ ետք Պելճիքայի, աւելի քան 64 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Ս. Փեթերսպուրկի դաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր Անտրես Քունհա (Ուրուկուէյ):
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սամուէլ Ումթիթի` գլխու հարուածով մը պարտութեան մատնելով Պելճիքայի բերդապահ Թիպօ Քուրթուան:
Ան իր այս կոլը նշանակեց երբ Անթուան Կրիզմանի հարուածած գնդակը քորնըրէն հասաւ անոր:
Այսպիսով, Ֆրանսա իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամն ըլլալով հասաւ աւարտականին:
Նշենք, որ թէեւ Պելճիքա 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ, բայց անիկա Ա. կիսախաղին ստեղծեց կոլի լաւ առիթներ, որոնք սակայն չարդիւնաւորուեցան:
Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 15 յուլիսին, Ֆրանսա իր դէմ պիտի ունենայ Անգլիա – Խրուաթիա մրցումին յաղթականը:
Այս մրցումը պիտի կատարուի այսօր, ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, Լուժնիքիի մարզադաշտին վրայ:
Անգլիոյ մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ կը կիրարկէ 3-5-2 խաղաոճ մը, մինչ Խրուաթիոյ մարզիչ Զլաթքօ Տալիչ` 4-2-3-1 խաղաոճ մը:
Կ՛ակնկալուի, որ այսօրուան մրցումը եւս ըլլայ հետաքրքրական եւ կոլ նշանակելու առիթներով հարուստ հանդիպում մը:



