Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 140-րդ Լսարան. «Արմէնփրես»-ի Տնօրէն Արամ Անանեան Ներկայացուց Աւանդական Եւ Նոր Լրատուութիւններու Հատման Կէտերը

July 10, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 9 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 140-րդ լսարանը, որուն ընթացքին «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան ներկայացուց «Աւանդական եւ նոր լրատուութեան հատման կէտեր» նիւթով դասախօսութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան:  Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ այսօրուան մամլոյ լսարանը առիթ է լուսարձակները սփռելու այս եզակի լրատուական գործակալութեան` «Արմէնփրես»-ի վրայ, որ ամէնէն հինն է Հայաստանի մէջ, հիմնադրուած է 18 դեկտեմբեր 1918-ին, Հայաստանի Ա. անկախ Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդին որոշումով: Սկզբնապէս «Հայկական հեռագրական գործակալութիւն» անունը կրած «Արմէնփրես»-ի առաջին ղեկավարը եղած է աւելի ուշ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 4-րդ վարչապետը եղած Սիմոն Վրացեան: «Աշխարհաքաղաքական ծանր պայմաններու մէջ գտնուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան քայլը` լրատուական գործակալութիւն ստեղծելու, ցոյց կու տայ, թէ այդ հանրապետութեան երախտաւորները որքան մեծ կարեւորութիւն տուած են այս բնագաւառին», ըսաւ Ժագ Յակոբեան:

Զեկուցումի առաջին բաժինով «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան ներկայացուց գործակալութեան հիմնական աշխատանքները, այսօրուան պայմաններուն մէջ դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, թէ «Արմէնփրես»-ը Հայաստանի ամէնէն հին լրատու գործակալութիւնն է, որ ներկայ դրութեամբ կը հրապարակէ տասնմէկ լրատուական ժապաւէն` պաշտօնական, քաղաքական, տնտեսական, հասարակական, մարզային, շրջանային, միջազգային, մշակութային, մարզական, հարցազրոյցներ եւ լուսանկարչական նորութիւններ:  «Արմէնփրես»-ի աշխատակիցները կը պահպանեն  գործակալութեան յառաջատար դերը հայաստանեան լրատուական դաշտին մէջ, եւ ամուր հիմքեր ստեղծուած են շրջանային եւ միջազգային լրատուական հարթակներուն վրայ` գործակալութեան ներկայութիւնը  ապահովելու եւ զարգացնելու առումով: Ան ընդգծեց յատկապէս, որ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ կը հրապարակէ շուրջ 300 լուր հայերէնով, ռուսերէնով, անգլերէնով եւ արաբերէնով` շեշտելով, որ «Արմէնփրես»-ի լրատուութիւններէն, բացի գործընկերներէ, կ՛օգտուին այնպիսի միջազգային հսկաներ, օրինակ` «Սի. Էն. Էն.»-ը, «Պի. Պի. Սի.», «ՌԻԱ նովոսթի»-ն եւ այլն:

Ան յայտնեց, որ գործակալութիւնը աշխուժօրէն լուսաբանած եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող բոլոր իրադարձութիւնները, հակահարուած տուած է ազրպէյճանական քարոզչութեան, եղած է եւ կը մնայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, թրքական մերժողականութեան բացայայտման յառաջատար դիրքերու վրայ:

Խօսելով գործակալութեան մօտիկ անցեալին սկսած ծրագիրներուն մասին` Արամ Անանեան ըսաւ, թէ «Արմէնփրես»-ը դեկտեմբեր 2017-ին սկսած է իրականացնել լուսանկարչական լրատուութեան վերաբերեալ 10.000 լուսանկար թուայնացնելու ծրագիր:

Անդրադառնալով լրատուական դաշտի ներկայ իրավիճակին` Արամ Անանեան ընդգծեց. «Ժամանակակից լրատուութեան առումով, մենք որեւէ վտանգ չենք տեսներ աւանդական լրատուամիջոցներու համար, անոնք լաւագոյն ձեւով կ՛օգտագործեն արդի, ժամանակակից միջոցները իրենց լրատուութիւնը ճշգրիտ փոխանցելու համար: Այս իմաստով, յառաջատար լրատուամիջոցներու փորձը լաւագոյն փաստն է`  ընկերային ցանցերու եւ արհեստագիտութեան օգտագործման ձեւերը ոչ այնքան վտանգ են, որքան հնարաւորութիւն, տեղեկատուութիւնը տարածելու համար»:

Խօսելով տպագիր մամուլի ապագային մասին` Արամ Անանեան շեշտեց, որ ան համաձայն չէ այն յոռետեսական կարծիքներուն, որոնք կ՛ըսեն, թէ տպագիր մամուլը ապագայ չունի` ընդգծելով, որ իրական տպագիր մամուլը ապագայ ունի: Թէեւ տպաքանակի որոշ նուազում կայ բոլոր տպագիր հրատարակութիւններուն պարագային, սակայն, պէտք է այնպէս մը ընել, որ ընթերցողը իրեն հետաքրքրող հարցերուն վերաբերեալ պատասխանները փնտռէ տպագիրին մէջ: Այս բոլորը, առանց երբեք մոռնալու, որ տպագիրը պէտք է նաեւ ժամանակակից միջոցներու հետ քայլ պահէ («խելացի» հեռախօսի վրայ լուրերու տարածում, հանրութիւնը հետաքրքրող լուրեր եւ այլն):

Անանեան ըսաւ, թէ արհեստագիտութիւնը այնպէս մը զարգացած է, որ լրագրութիւնը այլեւս «ընկերային» մասնագիտութիւն չէ: Ժամանակակից լրատուութիւն սպառողը շատ աւելի պահանջկոտ է, քան նախկինը, եւ յաճախ կը նախընտրէ իրադարձութիւններու մասին ո՛չ միայն այլոց մեկնաբանութիւնները, որքան իրական, ուղղակի սփռումով լուսաբանուիլը:

Հարցումներու առիթ տալէ առաջ Արամ Անանեան կարեւոր նկատեց լիբանանահայ մամուլին հետ գործակցութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով «Ազդակ»-ի լսարանին, որ առիթ տուաւ հասկնալու, թէ ինչպիսի խնդիրներ կը յուզեն մեր ընթերցողներն ու գործընկերները:

Նախորդը

Յաջորդը

Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Միութեան Պատժամիջոցներու Երկարաձգման Որոշումը Մտաւ Ուժի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.