Իրանի Հետ Համաձայնագիրը Ստորագրած
Երկիրները Յանձնառու Են Անոր Պայմաններուն
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ Գործողութիւններու միացեալ ու համապարփակ համաձայնագիրէն Ուաշինկթընի հեռացման հետեւանքները փոխհատուցելու համար եւրոպացիներուն առաջարկած թղթածրարը ներկայ փուլին գոհացուցիչ չէ:
Ռուհանի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ըսաւ. «Գործողութիւններու միացեալ ու համապարփակ համաձայնագիրին մէջ գործակցութեան երթը շարունակելու շուրջ եւրոպական առաջարկներու թղթածրարը Իսլամական հանրապետութեան բոլոր պահանջները չ՛ընդգրկեր»:
Միւս կողմէ, Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ համաձայնագիրը ստորագրած երկիրները երէկ Վիեննայի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին հաստատեցին, որ հաւատարիմ են համաձայնագիրի պայմաններուն, որոնց շարքին` Իրանի մէջ ներդրումներ կատարող ընկերութիւնները ամերիկեան պատժամիջոցներու հետեւանքներէն պաշտպանելուն:



