Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Մոնտիալ

July 7, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
– Աշխարհի Ախոյեանը Պիտի Ըլլայ… Եւրոպայէն. Պրազիլ Եւ Ուրուկուէյ Դուրս Մնացին
– Այսօր` Շուէտ – Անգլիա Եւ Ռուսիա – Խրուաթիա

Երկու օրուան դադարէ մը ետք, երէկ վերսկսան Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի մրցումները, երբ կատարուեցան քառորդ աւարտականի երկու ճակատումներ:

Երէկուան երկու մրցումներն ալ աւարտեցան եւրոպական խումբերուն յաղթանակով, որոնք պարտութեան մատնեցին հարաւային ամերիկեան իրենց մրցակիցները:

Ասիկա կը նշանակէ ուրեմն, որ աշխարհի ախոյեանը պիտի ըլլայ Եւրոպայէն` նկատի ունենալով, որ այլ ցամաքամասերէ որեւէ խումբ չմնաց` Պրազիլի եւ Ուրուկուէյի կրած պարտութիւններէն ետք:

Առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Նիժնի Նովկորոտի դաշտին վրայ, 43 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ֆրանսա, 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ուրուկուէյին, որ դաշտ ներկայացած էր առանց իր վտանգաւոր յառաջապահին` Էտինսոն Քաւանիին (վիրաւոր):

Ֆրանսայի երկու կոլերը նշանակեցին Ռաֆայէլ Վարան (40-րդ) եւ Անթուան Կրիզման (61-րդ):

Այսպիսով, Ֆրանսա հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ հասաւ կիսաւարտականին:

Օրուան իրաւարարն էր արժանթինցի Նեսթոր Փիթանա:

Այսպիսով, Ֆրանսա կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Պելճիքան, որ երէկ գիշեր մրցաշարքէն դուրս ձգեց Պրազիլը` արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Եթէ մէկ կողմէ Պրազիլ անբախտ եղաւ կոլեր նշանակելու մէջ, միւս կողմէ մրցումին աստղը հանդիսացաւ Պելճիքայի բերդապահը` Թիպօ Քուրթուա, որ իր բերդը փրկեց ստոյգ կոլերէ:

Պելճիքայի առաջին կոլը նշանակեց Ֆեռնանտինիօ (13-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ), մինչ երկրորդը` Քեւին Տը Պրույնէ` ուժգին հարուածով մը (31-րդ):

Պրազիլ իր միակ կոլը նշանակեց շնորհիւ Ռենաթօ Օկուսթոյի (76-րդ):

Քազանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր շուրջ 43 հազար հանդիսատես, իսկ օրուան իրաւարարն էր Միլորատ Մազիչ (Սերպիա):

Քառորդ աւարտականի մնացեալ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր: Ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Շուէտ պիտի մրցի Անգլիոյ դէմ, մինչ երկրորդին հիւրընկալ երկիրը` Ռուսիա, իր դէմ պիտի ունենայ Խրուաթիան, ժամը 21:00-ին:

Առաջին մրցումին իրաւարարն է Պիոռն Քուիփերս (Հոլանտա), մինչ երկրորդինը` Սանտրօ Ռիքքի (Պրազիլ):

Նախորդը

Լիբանանի 41-րդ Միջազգային Ռելի. Այսօր Կը Սկսի «Ինքնաշարժներու Պատերազմը» Լիբանանցի, Քաթարցի Եւ Չեխ Վարորդներուն Միջեւ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (7 Յուլիս 2018)

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.