Հայկական երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր հերթական նիստը` ներկայութեամբ պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:
Ժողովականները քննեցին պլոքի աշխատելաձեւին հետ կապուած խնդիրներ, որոշեցին ընդլայնել Երեսփոխանական գրասենեակի աշխատանքները եւ առ այդ ապահովել նոր կառոյց` յաւելեալ մարզեր ընդգրկելու նպատակով:
Պլոքը անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան արագ կազմութիւնը հիմնուելով երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:
Ժողովականները կանգ առին երկրի տնտեսական եւ ելեւմտական դժուարութիւններուն դիմաց` ընդգծելով, որ կառավարութեան արագ կազմութիւնը պիտի նպաստէ տագնապներու կանխարգիլման:
Տնտեսական ծիրին մէջ, պլոքի անդամները կարեւորութեամբ շեշտեցին բնակարաններու գնման պետական սնտուկի աշխատանքներու վերսկսման անհրաժեշտութիւնը եւ փոխատուութիւններու գործընթացին վերսկսման կարեւորութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի քաղաքացիութիւն շնորհելու խնդիրին, պլոքը անհրաժեշտ գտաւ թափանցիկութեան սկզբունքի ու յստակ չափանիշներու որդեգրման կարեւորութիւնը: Պլոքը պահանջեց առանց խտրութեան, օրինական եւ արդար ու ճշգրիտ միջոցներով քաղաքացիութեան շնորհման վարքագիծի որդեգրում:
Վերջապէս, սուրիացի տեղահանուածներուն կապակցութեամբ, պլոքը պահանջեց համապատասխան գործնական քայլերու դիմել տեղահանուածներու ապահով վերադարձին համար` զայն նկատելով կարեւոր միջոցառում թեթեւցնելու լիբանանցիներուն պարտադրուած ծանր բեռը:



