6 յուլիս 2018-ին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը մեկնեցաւ Շուէտ` իր մասնակցութիւնը բերելու Սէօտերթալիէի միջազգային ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 9-էն 13 յուլիս 2018-ին: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի աշակերտները պիտի մրցին միջազգային ֆութպոլի դպրոցներու աշակերտներուն դէմ եւ պիտի մասնակցին դաստիարակչական զանազան պտոյտներու:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ ֆութպոլի դպրոցի յանձնախումբը կը գիտակցին արդի ֆութպոլի դպրոցներուն աշխատանքներուն հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութեան եւ մեր աշակերտներուն խաղարկութեան մակարդակը բարձր պահելու պատասխանատուութեան: Նման իւրայատուկ նախաձեռնութիւններ առիթ կը հանդիսանան, որ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ապագայի սերունդը դաստիարակուի եւ մարզուի ժամանակակից ձեւերով ու լաւապէս պատրաստուի 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը փայլուն էջերով շարունակելու:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ



