
Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս պապի հրաւէրին` երէկ երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոս մարոնի եկեղեցւոյ Ռայի պատրիարքին հետ յատուկ օդանաւով մեկնեցաւ Իտալիա` մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած հաւաքին:
Յիշեալ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ հարաւը գտնուող Պարի քաղաքին մէջ: