Նախորդ շաբաթավերջին Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի բաժակի մրցաշարքը, որ կը կրէր Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Թանիոս Միրի անունը (մահացած):
60 քմ երկարութիւն ունեցող այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտէն, ՀՄԸՄ Անթիլիասէն, ՀՄԸՄ Այնճարէն, ՀՄՄ Պէյրութէն, ինչպէս նաեւ անհատական 16 հեծելանւորդներ:
Առաջին հանդիսացաւ վեթերան Միշել Նապթի` արձանագրելով` 1 ժամ 36′ 54″ արդիւնք մը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Էլի Մախխուլ (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) եւ Ահմեհ Մրատ (ՀՄՄ Պէյրութ):
Մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, Նազարէթ Հապիպեան, Մինաս Մելքոնեան, Քայսար Սալլում (ֆետերասիոնի անդամներ), Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը հովանաւորող «Սքոթ» ընկերութեան ներկայացուցիչը` Ռոպեր Աքիքի, ողբացեալին դուստրը` Նետին Միր եւ անոր ընտանեկան պարագաները, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Ապտել Նուր եւ այլ հրաւիրեալներ:
Այս առիթով, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին ապահովութեան ուժերուն, որոնք ֆետերասիոնին կազմակերպած բոլոր մրցաշարքերուն լիուլի կատարեցին իրենց պարտականութիւնները:


