Լիբանանեան մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Մէյրուպա ակումբին` նշելով, որ ՖԻՊԱ-ն կախակայեց նշեալ ակումբը` արգիլելով ոեւէ մարզիկի փոխանցում անոր շարքերուն մէջ, ըլլա՛յ Ա. դասակարգի կամ այլ դասակարգերու մրցումներուն անոր մասնակցութեան ընթացքին:
Կախակայման այս որոշումին պատճառը այն է, որ ակումբը իր տեղացի եւ օտար մարզիկներուն ամսականները չէ վճարած, երբ խումբը մաս կը կազմէր Ա. դասակարգին:


