Այնպէս կը թուի, որ Պարսելոնայի միջնապահ Անտրէ Կոմեշ պիտի հեռանայ քաթալոնական ակումբէն` նկատի ունենալով, որ փորթուգալցի ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են 4 խումբեր, կը յայտնէ «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
24 տարեկան Կոմեշով հետաքրքրուած են Թոթենհամ, Վուլվզ, Եուվենթուս եւ Վալենսիա:
2016-ին ան իր կազմը` Վալենսիան լքելով միացաւ Պարսելոնայի, փոխան 37 միլիոն եւրոյի:
Վերոնշեալ ակումբներէն բացի, այլ խումբեր կը փորձեն փոխ առնել Կոմեշը եւ ոչ թէ գնել զայն:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, Պարսելոնա կը մտադրէ անոր փոխանցման համար գանձել 22 միլիոն եւրօ:
Կոմեշ իր մասնակցութիւնը չբերաւ 2018-ի մոնտիալին:



