ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Ճորճեան եւ զաւակունք
Մինաս, Անտրէ եւ Սարին Գօճաօղլանեաններ (Միացեալ Նահանգներ)
Մովսէս եւ Մարիա Ճորճեաններ
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Ճորճեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Գէորգ Մազաքեան
Տէր եւ տիկին Յարութ Ճորճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Խաչերեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիկին Վարդուկ Խաչերեան
Գօճաօղլանեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Մազաքեան եւ Խաչերեան ընտանիքներ
Սալիպա եւ Վալար ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, զոքանչին եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ՃՈՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԽԱՉԵՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 3 յուլիս 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 4 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Պուրճ Համուտի ՀԿՄ-ի սրահին մէջ, նաեւ հինգշաբթի, 5 յուլիս 2018-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Էյպեզի հայրենակցական միութեան:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Վարժապետեան ընտանիք շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, նուիրատուութեամբ եւ հաղորդակցական այլ միջոցներով մասնակից դարձան իրենց ամուսնոյն, հօր եւ եղբօր` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնները կրթական հոլովոյթի մը տօնական փուլերն են: Տարեշրջան մը ամբողջ, նուիրումով, հաւատքով եւ նիւթական զոհողութիւններով տնօրէնութիւն, կրթական մարմիններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ միահամուռ ճիգերով կը ձգտին տարեվերջին առաւելագոյն բերքը քաղել:
Ուսումնական յաջողութեան թագադրումը կը հանդիսանայ հայ վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան, քրիստոնէական կրթութեան, մարդակերտումի առաքելութեան նուաճումը եւ անոր արժանապատիւ գոյատեւումը:
2017-2018 կրթական տարեշրջանի աւարտին բազում դժուարութիւններ դիմակալելէ ետք, ուրախութեամբ կը հաղորդենք, թէ Լիբանանի 5 հայ աւետարանական վարժարանները պետական քննութեանց մէջ փայլուն արդիւնք արձանագրած են:
Իսկ խումբ մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ինը ամիս շարունակ հետեւած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայագիտական բաժինին նախաձեռնած եւ Հայկազեան համալսարանին հետ կազմակերպած Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակումի ծրագիրին: Սեմինարները կ՛ընդգրկէին արեւմտահայերէնի զօրացման, ինքնութեան հաստատման եւ կրթական ոլորտի նորագոյն մօտեցումներու հետ կապուած մասնագիտական վարժանիստեր:
Ստորեւ կը ներկայացնենք պետական պրէօվէի եւ պաքալորէայի քննութիւններուն յաջողած աշակերտներուն անուանացանկերը եւ սեմինարներու մասնակցած ուսուցիչներու անունները:
ՊՐԷՕՎԷԻ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՋՈՂԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ 2017-2018
Այնթապլեան Յասմիկ (շատ լաւ), Արզումանեան Այգ (շատ լաւ), Աւետիքեան Ժոել (շատ լաւ), Համմուտ Սելին (շատ լաւ), Չուլճեան Ներսէս (շատ լաւ), Պաստաճեան Նարինէ (շատ լաւ), Գէլխաչերեան Կալի (լաւ), Եահիա Հելեն (լաւ), Եունես Եարու (լաւ), Հապէշեան Սեւակ (լաւ), Պոյաճեան Գէորգ (լաւ), Սիտանի Արիժ (լաւ), Տէրտէրեան Աւօ (լաւ), Քէօշկերեան Գառնի (լաւ), Այնթապլեան Սթիւ, Աւետիսեան Ճեսի, Գաբրիէլեան Լորի, Գասապեան Քրիսթել, Գարավարդանեան Նարեկ, Գէորգեան Լիա, Գէորգեան Ր. Քրիստափոր, Գէորգեան Ց. Քրիստափոր, Թերզեան Նորայր, Կէօքճեան Նարեկ, Հապէշեան Խաչիկ, Հեքիմեան Արթիւր, Մոմճեան Կարօ, Յովսէփեան Լիլիթ, Նարկիզեան Սինթիա, Շերպեթճեան Նաթալի, Պետրոսեան Ցոլեր, Պեքերեճեան Յակոբ, Պօղոսեան Քրիստիան, Սեմիզեան Շաքէ, Տեմիրճեան Սագօ, Տէօվլեթեան Սերժ, Փոլատեան Էլի, Քէօմպեճեան Նարին, Քէշիշեան Գրիգոր Անրիքէ, Քէշիշեան Սարգիս, Քէօշկերեան Սէրլի, Քիւրտեան Թինա, Քրտեան Սեւակ:
ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՋՈՂԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ 2017-2018
Աթուէ Ռիտա (շատ լաւ), Հերկելեան Լորա (շատ լաւ), Մելէքեան Ռիթա (շատ լաւ), Պասեթ Փերլա (շատ լաւ), Արթինեան Արփի (լաւ), Մելէքեան Գարին (լաւ),
Պագգալեան Ռիթա (լաւ), Ապուսէֆեան Լիւսի, Առաքել Սարին, Աւետիսեան Լիւսի, Արսլանեան Փաթիլ, Գալէնտէրեան Կարօ, Գասպարեան Սարգիս, Գըլընճիպաշեան Ռիթա, Գոճամանեան Մարկրիթա, Թաշճեան Գարին, Թերզեան Սերժ, Թորոսեան Քրիսթին, Լեփեճեան Կերի, Հաշոլեան Նարինէ, Մանուկեան Վարդան, Մարգարեան Մարք, Մարգարեան Սէրլի, Մարտիկեան Մելիսա, Մեթլեան Քրիսթին, Մկրտիչեան Նարէ, Յակոբեան Ռիթա, Յովակիմեան Մարիան, Նաճարեան Սուրէն, Պզտիկեան Մարիա, Պոյաճեան Կասիա, Ռըզեան Վանա, Սթանպուլեան Ճորճ, Սողոմոնեան Գարէն, Տէրտէրեան Սէրլի, Տումանեան Քաթրինա, Փիլաւճեան Շանթ, Քենտիրճեան Թալին, Օննիկեան Միրելլա:
«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ»-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆԱԾ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ
Տիկիններ` Ադամեան Ալին, Ասմինեան Զարմինէ, Աւետիսեան Մարալ, Բենենեան Լիւսի, Եունիսէս Հռութ, Հապէշեան Ծաղիկ, Ղորղորեան Նուարդ, Մոմճեան Քրիսթին, Մուղալեան Սելլա, Մուրատեան Գարինա, Չագրեան Թալին, Պէպէճեան Ծովինար, Պօղոսեան Լենա, Տագէսեան Անի, Քենտիրճեան Նաթալի, Քեչէճեան Նազիկ, Օպէյտ Անգինէ:
Օրիորդներ` Գալէնտէրեան Անի, Թահազեան Ալին, Տաղլեան Նայիրի:
Տեարք` Թիւմպերեան Տիգրան, Մխսեան Նժդեհ:
ՄԱՀԱԵ Միութեան Լիբանանի Կրթական խորհուրդին անունով կը շնորհաւորենք բոլորը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք:
—————————————
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պուրճ Համուտի շրջանի բնակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ շրջանին մէջ գործող բոլոր ելեկտրածին շարժակներուն ընդհանուր միջին ժամերու ընդհատումը եղած է 284 ժամ, եւ ըստ ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ ճշդուած սակացոյցին, յունիս ամսուան իւրաքանչիւր քիլոուաթ/ժամի սակ ճշդուած ըլլալով 421 լիբ. ոսկի, հետեւաբար բաժանորդներէն պիտի գանձուի միայն 120.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփերի փոխարէն:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ֆանար-Լիբանան
Հեռ. 01891068 – 891099
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2018-2019 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին յուլիս ամսուն` միայն ամէն երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը, ժամը 8:30-էն 12:00:
Օգոստոս ամսուն վարժարանիս տնօրէնութեան եւ քարտուղարութեան գրասենեակները փակ կը մնան:
Երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, արձանագրութիւնները կը վերսկսին ամէն օր (բացի շաբաթ օրերէն), առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30:
Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.
– Ընդհանուր գիտութիւն (SG)
– Կենսաբանութիւն (SV)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)
Նորեկ աշակերտներու ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ քարտուղարութեան` անհրաժեշտ փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու համար:
Ուսումնական նոր վերելքներու ակնկալութեամբ ամառնային բարի արձակուրդ կը մաղթենք մեր ծնողներուն ու աշակերտներուն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Հուրի Շէրպէթճեան-Թասլաքեանի մահուան առիթով հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ.
– Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Սոնա Օհաննէսեան եւ դուստրը 100.000 լ. ո.
– Օրդ. Լուսին Թասլաքեան 50$
– Տէր եւ տիկին Նեպիլ եւ Նազիկ Սապա եւ զաւակունք 50$
– Գէրթէշեան ընտանիք 100$
– Սագարեան ընտանիք 50$
– Մարտիրեան ընտանիք 25$
– Տուտագլեան ընտանիք 50$
– Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Մարի Սագարեան 50$
– Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Ռիթա Լագիսեան 50$
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ
