ՊԵՏԻԿ
Խնդուքս չկրցայ զսպել, երբ «Ազդակ»-ի 23 յունիսի թիւին 10-րդ էջին գագաթը կարդացի «Թուրքիա աշխարհի անիրաւուածներուն յոյսն է»: Այս յայտարարութիւնը կատարողը Թուրքիոյ վարչապետ Եըլտըրըմն է. պահ մը փորձեցի յիշել, կամ, աւելի ճիշդ, ուզեցի այդ Եըլտըրմի անկիւնէն դիտել այս «փրկարար յոյսը», բայց, կը ներէք, չյաջողեցայ: Աւելի՛ն. չկրցայ ընդունիլ Թուրքիոյ եւ անիրաւուածներու «փրկարար»-ի պատկերը:
Այս պահուն յիշեցի նաեւ անգլիացի մէկ բարեկամիս զարմանքը…
Ան պատմեց, որ երբ գործով Պոլիս ղրկուած է, օդակայանէն դէպի պանդոկ ճամբուն վրայ տեսած է հսկայ մէկ արձանը Աթաթուրքին, որ ամբողջ հասակով կանգնած եւ մատը ուղղած պատին վրայ թրքերէնով արձանագրութիւն մը ցոյց կու տայ: Վարիչին կը հարցնէ, թէ ի՞նչ է այդ գրութիւնը, ու կը լսէ ցնցիչ խօսքերը` «Երանելի է ան, որ ես թուրք եմ կ՛ըսէ»… խեղճ բարեկամս չէր կրցած մտաբերել օրինակներ կամ պատմական իրողութիւններ, որոնք թուրքը կը դարձնեն երանելի ազգ մը:
Իսկ Աթաթուրքին ժառանգորդը ամբողջ թուրք ազգը կը դնէ աշխարհի անիրաւուածներուն փրկիչի դերին մէջ…
Ուզեցի ինքզինքս համոզել, թէ ո՛ւր, երբ ե՛ւ ինչպէ՛ս Թուրքիան աշխարհի անիրաւուածներուն յոյսը եղած է կամ կրնայ ըլլալ:
Արդեօ՞ք Աթաթուրքը մէկ դար առաջ իսկ կրցած էր գուշակել Թուրքիոյ այն փրկարար դերը, որ այսօր կը խաղայ օսմանեան նորածին սուլթանին` Էրտողանի բեմադրութեամբ…
Փորձառու մարդիկ կ՛ըսեն, սուտ մը, որ կը խօսիս շրջանակի մը մէջ եւ, յաջորդ օրը երբ գան ու քու առջեւդ կրկնեն, կը սկսիս դուն ալ հաւատալ… հոս կրնա՞յ, ըլլալ, որ այս ասացուածքն է, որ կ՛իշխէ Եըլտըրըմին ուղեղին եւ դիւանագիտութեան:
Այս երկու յայտարարութիւնները քմծիծաղ մը կը գծեն դէմքիս վրայ… Արդեօք Մեծ եղեռնը չէ՞ պատահած, կամ Աթաթուրքը, որ ծնած է 1881-ին եւ մեռած` 1938-ին, կրնա՞յ ըլլալ, որ այս երկու թուականներուն թաւալումին մէջ չ՛իյնա՞ր:
Ուզեցի աւելի խոր ուսումնասիրել թուրքին երանելիութեան տուեալներուն մասին… Թուրքը իր ո՞ր քաղաքական կամ գիտական նուաճումներուն համար կարելի է «երանելի» կոչել…
Իսկ պարո՛ն Եըլտըրըմ, խնդրեմ կրնա՞ս ցոյց տալ, թէ ե՛րբ եւ ո՞ւր թուրքը անիրաւուած ժողովուրդի մը փրկութեան լաստը եղած է, ո՞ր ազգը Թուրքիոյ ապաւինած` ազատ շունչ քաշած եւ հանգիստ ու ապահով կեանք ունեցած է…
Իսկ Աթաթուրքին ու Եըլտըրըմին խօսքերը իմանալէ ետք հարց կու տամ, թէ այն աշխարհատարած վարկածը, որ ուր որ աւեր ու կոտորած տեսնեն, կ՛ըսեն. «Հոսկէ թուրքը անցած է»:
Ա՞յս ալ անհիմն է:
Քիչ մը ծիծաղ…


