Ռ. Հ.
Երկու ժողովրդական նախադասութիւններ կան, որոնք ամէն տարի առնուազն մէկ-մէկ անգամ կ՛արտասանուին մեր կողմէ, մէկը ուրախ, միւսը` տխուր տրամադրութեամբ: Երկուքն ալ տարին անգամ մը կու գան մեզի յիշեցնել ժամանակներու ու եղանակներու ահաւոր խորհուրդը, մենք անոնց խորութեան գիտակցութիւնը ունենանք կամ ոչ:
Առաջինը այն մէկն է, զոր կ՛արտասանենք, երբ օր մը յանկարծ կը նշմարենք, որ օրը մեր շուրջ շատ շուտ մթնել սկսաւ: Մեր գլուխը կը ճօճենք տխրօրէն:
– Օրերը կարճնալ սկսան,- կ՛ըսենք ժողովրդական ասութեամբ:
Ի՜նչ տխուր է, Աստուա՛ծ իմ: Դեռ երկու շաբաթ առաջ այս ժամուն կարծես արեւը կը ճառագայթէր երկնքին վրայ, իսկ հիմա արդէն մութը կոխել սկսած է, ու կը տեսնենք, որ ելեկտրական լապտերները մէկ առ մէկ վառիլ սկսան: Դեռ չենք վարժուած այս մութին. դեռ մեր շուրջը կը փնտռենք այն հրաշալի լոյսը, որ ամառնային եղանակի մեր երջանկութեան լուսապսակն է, ուստի այս կանխահաս մութը, որ ամէն տարի կրկնուելով հանդերձ, միշտ ալ առաջին անգամուան ցնցումով կը հարուածէ մեր զգայնութիւնները. կարծես անախորժ լուր մը կը յուշէ մեզի: Ուշադրութիւ՛ն, ամառը վերջացաւ, վերջացաւ ամառ եղանակին լոյսն ու ջերմութիւնը, պատրաստուէ՛ խստաշունչ ձմեռուան, պատրաստուէ՛. մութին մէջ մնալու ու մսելու:
Ամէն տարի, սեպտեմբերի վերջաւորութեան, կամ հոկտեմբերի սկիզբը, կամ` թերեւս աւելի ուշ, բայց անպայման, անգամ մը կ՛արտասանենք այս նախադասութիւնը` մեր սրտին մէջ բան մը կորսնցուցած ենք: Երբ կ՛ըսենք` օրը կարճնալ սկսաւ. ըսել կ՛ուզենք, որ հիմա մենք մէկ օրուան մէջ աւելի քիչ լոյս ունինք:
Լո՜յս, հրաշալի լոյսը արեւին, որուն քով այնքան կը նսեմանայ ելեկտրական լապտերին լոյսը, արհեստական շինծու լոյսը, որ նոյնիսկ եթէ մեր օրհնութեան կ՛արժանանայ, չի յաջողիր մեզ մխիթարել իրական լոյսը կորսնցուցած ըլլալու մեր տխրութեան մէջ: Ա՜խ, երկու օրէն պիտի վարժուինք այդ կանխահաս մութին, երկու օրէն պիտի վարժուինք տեսնելու, որ օրերը կարճցած են արդէն: Ի՞նչ բանի չենք վարժուիր որ: Պիտի համակերպինք Մայր Բնութեան այս անխախտելի կարգադրութեան, մեր գլուխները պիտի հակենք, պիտի եղբայրանանք ձմեռ եղանակի մը ցուրտ պարտադրութիւններուն հետ:
Օր մըն ալ, յունուարի վերջաւորութեան մօտ, կամ` փետրուարի մը սկզիբը, յանկարծ պիտի ցնցուինք, պիտի նայինք մեր շուրջը, յետոյ ուրախութեամբ պիտի մրմնջենք:
– Օրերը երկարիլ սկսան:
Ճիշդ է, ի՛նչպէս չուրախանանք, Աստուած իմ: Դեռ հինգ օր առաջ այս ժամուն մութը չէր փարատած, իսկ հիմա, այս իրիկուն, ճիշդ այդ իրիկուն օրուան լոյսը կարծես քիչ մը աւելի երկար մնաց մեզի հետ, չաճապարեց մեկնելու. չաճապարեց մութին մէջ թաղելու մեզ շրջապատող ամէնօրեայ մեր աշխարհը: Ասիկա մեր աչքէն չվրիպեցաւ: Նաեւ` մեր սրտէն: Էհ, չըլլա՛յ, որ մէկը հարցնէ, թէ ի՞նչ բան կը փոխուի, եթէ այս գիշեր օրուան լոյսը քանի մը վայրկեան աւելի երկար մնաց մեզի հետ: Շատ բան կը փոխուի մեզմէ դուրս ու մեզմէ ներս: Այո՛, փա՛ռք Աստուծոյ, օրերը երկարիլ սկսան, եւ ասիկա մեզի կը յիշեցնէ, թէ հակառակ որ դեռ ձմեռ եղանակի օրեր ունինք մեր առջեւ, հորիզոնին վրայ երեւցաւ ահաւասիկ գարունը, հրաշալի այն գարունը, որ արեւներով, լոյսերով ու ծաղիկներով կը զարդարուի ամէն տարի, որ` իւրայատուկ բուրմունքով կը լիացնէ մեր թոքերը: Օրերը երկարիլ սկսան, փա՛ռք Աստուծոյ, ու մենք կրկին արժանացանք տեսնելու, որ օրերը երկարիլ սկսան: Լոյսը հիմա ամէն օր քիչ մը եւս պիտի դանդաղի մեր շուրջ, քիչ մը եւս պիտի մնայ մեզի հետ: Եւ մենք գիտենք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ: Փոխ տրուած էինք ու հիմա կը վերադարձուի մեզի: Լոյսը փոխ տուած էինք, հիմա ետ կ՛առնենք զայն: Ջերմութիւնը փոխ տուած էինք եւ հիմա ետ կ՛առնենք զայն: Փոխ տուած էինք խոտերու ու ծաղիկներու բուրմունքը եւ հիմա ետ կ՛առնենք անոնց բուրմունքը: Ամէն ինչ մերն էր ու մեզի կը վերադարձուի: Մեզի կը վերադարձուի` որովհետեւ համբերեցինք ու սպասեցինք, որովհետեւ գիտէինք, որ լոյսը վերագտնելու համար պայման էր քիչ մը ատեն քալել մութին մէջէն, գիտէինք, որ տաքնալու համար նախ պայման է, որ քիչ մը մսէինք, գիտէինք, որ ելեկտրական լապտերներու սա հրաշագործ լոյսը յանկարծ պիտի նսեմանար ու նոյնիսկ անտեսանելի պիտի դառնայ, երբ պիտի ծագէր արեւուն լոյսը:
Տարին մէկ-մէկ անգամ կ՛արտասանենք այս երկու նախադասութիւնները, որոնք այլեւս նոյնացած են մեր մորթերուն հետ: Չենք նշմարեր, բայց իրականութեան մէջ այս երկու նախադասութիւններն ալ մէկ-մէկ աղօթք են մեզի համար, մէկ-մէկ աղօթք, զոր կը բարձրացնենք ո՛չ թէ դէպի եկեղեցւոյ կամարները, այլ` դէպի այն կապոյտ երկինքը, որ աշխարհի բոլոր լոյսերուն ծննդավայրն է:
Օրերը կարճնալ սկսան:
Օրերը երկարիլ սկսան:
Թող ըլլա՛ն: Թող ըլլան, եթէ այդպէս ուզեր է Մայր Բնութիւնը: Մէկ բան կը մնայ մաղթել մեզի սակայն: Եթէ մէկը արտասանեցինք, կարենանք արտասանել, երկրորդն ալ: Տարի մը եւս կարենանք ետ առնել այն, ինչ որ փոխ տուած էինք Անտեսանելիին:
Մնացեալը կարեւոր չէ, որովհետեւ արդէն վարժուած ենք տասնամեակներէ ի վեր:


