Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վիրշենին յայտնեց, որ Ասթանայի ձեւաչափով Սուրիոյ շուրջ նոր հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Սոչիի մէջ` 30 եւ 31 յուլիսին:
Ան նշեց, որ 3 մասնակից երկիրները (Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան) ներկայ պիտի գտնուին, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ դիտորդներ, ինչպէս նաեւ սուրիական կողմերը:



