Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կոչ ուղղեց աշխուժացնելու բանակցութիւնները Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ: 27 յունիսին խօսք առնելով Ծերակոյտի արտաքին ֆինանսաւորման հարցերով յանձնախումբին մէջ, ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւնները աւարտած են, եւ կրնան սկսիլ բանակցութիւններու աւելի արդիւնաւէտ փուլը: Փոմփէօ յոյս յայտնեց, որ այդ հոլովոյթը կը կառուցուի Սուրիոյ Մընպեժին շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնութիւններու հիման վրայ:
Մընպեժի իրավիճակի կարգաւորման «ճամբու քարտէսի» մասին յայտարարուած է 4 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հանդիպումէն ետք: Ատիկա կ՛ենթադրէ երկու կողմերու զինուորականներուն կողմէ միացեալ պաշտպանութիւն:



