Ինչպէս ծանօթ է, 6-8 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 769 քմ:
Կազմակերպիչ ակումբը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.», յայտարարեց, թէ այս ռելիին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 29 ինքնաշարժներ:
Այս ռելիին մասնակցող վարորդներուն անունները կը հրապարակենք «Ազդակ»-ի վաղուան թիւով:



