Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Բանանց ֆութպոլի ակումբին մարզադաշտը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ գնահատուեցաւ իբրեւ երկրորդ մարզադաշտ, ինչ որ կը նշանակէ, որ խումբը կրնայ «Եւրոպայի լիկա»-ի զտումի մրցումները խաղալ իր սեփական դաշտին վրայ:
Բանանցի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, թէ ասիկա կը նշանակէ, որ զտումի Ա. հանգրուանին, Բանանց 11 յուլիսին երթի իր մրցումը Սարայեւօ խումբին դէմ պիտի կատարէ իր դաշտին վրայ:
Նախապէս Բանանց իր միջազգային մրցումները կը կատարէր հանրապետական մարզադաշտին վրայ:



