Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող Ռաֆայէլ Նատալ մտավախութիւն յայտնեց, որ քանի մը տարի ետք թենիսի իմաստը կը փոխուի` սահմանափակուելով քանի մը գործողութեամբ:
«Թենիսի մէջ, մատուցման միջին արագութիւնը կ՛աճի, եւ թենիս խաղացողները կը դառնան աւելի զօրաւոր: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս պէտք է զարգանայ մեր մարզաձեւը: Կը կարծեմ, որ 10 տարի ետք թենիսը կրնայ վտանգուած ըլլալ», կ՛ըսէ սպանացի թենիսմենը:
Ան առաջարկեց նաեւ, որ թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ վերատեսութեան ենթարկուի մարզիկներուն վարկանշային կէտերուն համակարգը:



