«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած պասքեթպոլի «Քո-լիկ» մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ մրցումը` Տար Հանտասայի եւ Իրաւաբաններու սենտիքայի խումբին միջեւ:
2018-ի տիտղոսակիրը դարձաւ Տար Հանտասա, որ երկարաձգումէն ետք 69-64 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 60-60 արդիւնքով` նկատի ունենալով, որ Իրաւաբաններու սենտիքայի խումբին մաս կազմող Շարպել Ռըզք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարն է, նշանակեց պազըր-պիթըր մը:
Այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ:
Յայտնենք, որ Տար Հանտասա, Կեդրոնական դրամատան կազմը եւ Ֆրանսապանք յառաջիկայ ամիս պիտի մեկնին Սերպիա` մասնակցելու համար «Պանքօ» պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին, զոր կը կազմակերպէ «Սփորթց Մանիա» ընկերութիւնը:



