«Վերջին տարիներուն ընթացքին զինուորական կարողականութիւնը էականօրէն ընդլայնուած է եւ էականօրէն փոխուած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ մեզի», յայտարարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով:
Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Հասանով նաեւ ըսած է, թէ ազրպէյճանական բանակին մէջ համակարգային փոփոխութիւններ իրականացուած են, անոնց շնորհիւ ալ կարելի դարձած են «2016 թուականի ապրիլին Աղտերէի [Արցախի Մարտակերտի], Ֆիզուլիի եւ Ճապրայիլի շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընթացիկ տարուան մայիսին Նախիջեւանի մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնները»:
Նշենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը բացարձակ ապատեղեկատուութիւն կ՛որակէ Ազրպէյճանի պնդումները, թէ ազրպէյճանցիները Նախիջեւանի հատուածին մէջ հայկական տարածք գրաւած են:



