Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններուն:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական, անոր ընթացքին քննարկուած են կառավարութեան մէջ քաղաքական տարբեր ուժերը ներկայացնելու քայլերը:
Հարիրի մաղթեց, որ այդ մասին մօտիկ ապագային համաձայնութիւն գոյանայ` նկատի ունենալով, որ նախագահ Աուն այս մասին կատարեալ համաձայնութիւն յայտնած է:
Հարիրի ըսաւ, թէ ինք քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ` աւելցնելով, որ եթէ այս առանցքին շրջագիծին մէջ եւ այս թափով շարունակէ աշխատիլ, ապա կառավարութեան կազմութիւնը շուտով կրնայ աւարտիլ:
«Մենք կը գործենք կառավարութեան ձեւին եւ իւրաքանչիւր պլոքի ներկայացուցչութեան համեմատութեան հիման վրայ, եւ վերջնական տարազին բաւական մօտեցած ենք, պարզապէս որոշ խորհրդակցութիւններ կան, որոնք պէտք է ամբողջացուին», ըսաւ Հարիրի` աւելցնելով, որ չի փափաքիր մանրամասնութիւններու մէջ մտնել, որպէսզի արգելակումներ չարձանագրուին:
Հարիրի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով ինք լաւատես է եւ համոզուած, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ նոր կառավարութեան կազմի յայտարարութեան:



