10 հոկտեմբեր 2015-ին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը կատարուած է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներուն կողմէ, որոնց այս յանձնարարութիւնը տուած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը: Այս գայթակղալից պնդումը տեղ գտած է Եւրոպական Միութեան Հետախուզական եւ իրավիճակային կեդրոնին կողմէ պատրաստուած զեկուցումին մէջ:
Եւրոպական Միութեան Հետախուզական եւ իրավիճակային կեդրոնը այս զեկուցումը ուղարկած է «խիստ գաղտնի» նշումով, 103 զոհ պատճառած այս ահաբեկչութենէն քանի մը օր ետք: «Ակունք» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալ» լրատու գործակալութիւնը, որ կրցած է հասու դառնալ այդ զեկուցումին:
Աղբիւրին համաձայն, «Անգարայի ռմբակոծումը» վերնագիրը կրող երեք էջնոց այդ զեկուցումը բաղկացած է երեք բաժիններէ: «Նախնական ամփոփում» եւ «Յետին ծրագիր» վերնագիրներուն տակ մանրամասնութիւններ կը ներկայացուին, թէ այս արիւնոտ ահաբեկչութիւնը ինչպիսի՛ քաղաքական մթնոլորտի եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ կատարուած է:
Զեկուցումին ամէնէն էական բաժինին մէջ «շարունակականութեան» կապ կը նկատուի 20 յուլիս 2015-ին Ուրֆայի Սուրուչ գաւառին մէջ կատարուած ահաբեկչութեան եւ նոյն տարուան 10 հոկտեմբերին տեղի ունեցած Անգարայի ահաբեկչութեան միջեւ:
Յիշեցնենք, որ Արաբ Բունարին օգնութիւն տրամադրելու նպատակով Պոլիսէն Սուրուչ մեկնած Ընկերվարականներու երիտասարդական ընկերակցութեան դաշնակցութեան շուրջ 150 անդամներէ բաղկացած խումբը խօսք արտասանած էր Սուրուչ գաւառին մէջ, երբ գործի դրուած էր պայթուցիկը:
Պայթումը որոտացած էր անմիջապէս մարդոց շարքերուն մէջ: Պայթումին պատճառով արձանագրուած էր 33 զոհ եւ 109 վիրաւոր: Ահաբեկչութեան պատասխանատու յայտարարուած էր ՏԱՀԵՇ-ը:



